Ընկ. Մուրատ Փափազեանի Հայաստանէն հեռացումը դատապարտելէ անդին

Ընկ. Մուրատ Փափազեանի Հայաստանէն հեռացումը դատապարտելէ անդին

Read in English

Հայաստանի իշխանութիւնը բռնագրաւած իշխանութիւնը նոր «սխրանք» մը աւելցուց իր հայավնաս իրագործումներուն շարքին, երբ 14 Յուլիսի առաւօտեան կանուխ ժամերուն, առանց բացատրութեան, երկիր մուտքի իրաւունքէն զրկեց Ֆրանսայի հայ գաղութի կազմակերպութիւններու համակարգիչ մարմինի ղեկավարներէն՝ Հ. Յ. Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ ընկեր Մուրատ Փափազեանը եւ ստիպեց, որ ան վերադառնայ Փարիզ: Մեր ընկերը Երեւան հասած էր, մասնակցելու համար Բիւրոյի նիստին եւ մասնակցութիւն բերելու հայրենիքի փրկութեան ի խնդիր շարունակուող պայքարին:

Ընկ. Մուրատ Փափազեանի դէմ այս աղաղակող ոտնձգութիւնը մտահոգութեան եւ վրդովմունքի ալիք մը ստեղծեց ո՛չ միայն Դաշնակցութեան ողջ ընտանիքին մէջ, Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարածքին, այլ նաեւ՝ ողջ հայութեան, որովհետեւ այս արարքով, Երեւանի վարիչները նորագոյն վկայութիւն մը տուին, թէ ի՛նչ կը հասկնան մարդու իրաւունք, ժողովրդավարութիւն, ընդդիմադիրներու հանդէպ տարրական յարգանք եւ նման անվիճելի արժէքներէ: Այլ խօսքով, վկայեցին, թէ այդ բոլորը իրենց համար կը մնան խօսքի սահմաններուն մէջ, պարզապէս քարոզչութեան, նախ եւ առաջ՝ մեր ժողովուրդը, ապա նաեւ՝ Հայաստանը դուրսէն դիտողները խաբելու միջոց:

Անակնկա՞լ, անսպասելի՞ կամ զարմանալի՞ է նման վերաբերմունք: Բնականաբար ո՛չ: Այս իշխանութիւնը, մասնաւորաբար 44-օրեայ կործանարար պատերազմի փուլէն ասդին, գրեթէ ամէն օր ապացուցած է, թէ ոչ միայն ի՛նք լծուած է Արցախին, Հայաստանին ու հայութեան վնաս ու կորուստներ հասցնող ծրագիրի մը իրականացման, այլ նաեւ պատրաստ է արգելակելու գործը այնպիսի հայորդիներու, որոնք դէմ կը կանգնին պետականութեան կորուստի իրենց ընթացքին, համակարծիք չէ իրեն, աւելի՛ն, լիարժէքօրէն վերականգնած է խորհրդայիններու եւ վերանկախացման առաջին տարիներու պարտուողական, այլեւ բռնատիրական վարքագիծը:

Ընկեր Մուրատ Փափազեանի անձին ու հանգամանքին հանդէպ այս կեցուածքէն անդին, մեզ կը մտահոգէ, ինչպէս միշտ, թշնամիին առջեւ զիջումէ-զիջում, Արցախն ու Հայաստանը մաս առ մաս կորուստի տանող՝ իշխանաւորներու սնանկ «քաղաքականութիւնը»: Մտահոգ ենք ու մեր ձայնը կը միացնենք դաշնակցական ընտանիքին ու ազնիւ հայերու ձայնին, որովհետեւ այս քայլը կ’առնուի բախտորոշ իրադարձութիւններու խորապատկերին առջեւ: Սա դաժան պատասխան մըն է ո՛չ միայն ընդդիմադիրներու շղթայազերծած պայքարին, որուն նպատակն է արթնութեան մղել հայութիւնն ու կանխարգիլել նորանոր կորուստներ, աշխատիլ կորսուածները վերադարձնելու համար, այլ նոր հարուած է նոյնինքն ժողովրդավարութեան, մարդկային ու քաղաքացիական տարրական իրաւունքներու եւ մանաւանդ՝ մեր Դատին: Փաստօրէն, ընկ. Մուրատ Փափազեան սոսկական անհատ մը, հայրենասէր ու հայրենանուէր հայորդի մը չէ, այլ ան տասնամեակներու վաստակ ունի մեր արդար Դատին հետապնդման խրամատներուն մէջ, մասնակից եղած է հակաթուրք իրագործումներու եւ շահած՝ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հակակրանքը: Շեշտենք. ան առանձին չէ իր պայքարին մէջ, այլ պարզապէս մէկ զինուորը՝ մեր ժողովուրդին, անոր իրաւունքներուն, որուն յառաջապահ դրօշակիրն է եղած, կը մնայ Դաշնակցութիւնը: Դաշնակցութեան եւ հայրենապաշտպան հայութեան դէմ այս հարուածը կը հասնի այն օրերուն, երբ Հայաստանի իշխանութիւնները, մոռցած՝ ահաւոր պատերազմին անհատոյց պարտամուրհակները՝ զոհերը, գերիները, հողատարածքներու բռնագրաւումը, հայկական ժառանգութեանց ջնջումն ու այլ արհաւիրքներ, սին ու անյոյս պատրանքներով բարեկամութիւն կ’երազէ Թուրքիոյ ու Ազրպէյճանի հետ, անտեսելով անոնց կողմէ ամէն օր կրկնուող թշնամական ու ոճրային արարքները, Երեւանն ալ նուաճելու սպառնալիքները:

Աւելի՛ն, այն պահուն, երբ հայութիւնը պէտք ունի կորուսեալ միասնութեան վերականգնումին, այս իշխանութեան օրով խորացած երկփեղկումին դարմանումին, այս ու նման քայլեր փաստացի ապացոյցներ են իշխանաւորներու իսկական դիտաւորութեանց:

Վերջապէս, ո՛չ ոքի ուշադրութենէն կը վրիպի, թէ Դաշնակցութեան ճամբով հայութեան ու Հայ Դատին ծառայողի մը դէմ այս կեցուածքը կը դրսեւորուի այն պահուն, երբ Հայ Դատի յանձնախումբը ոգի ի բռին աշխատանքի լծուած է, որպէսզի Միացեալ Նահանգներ (նաեւ այլ երկիրներ) պատժական եւ զսպիչ քայլեր առնեն Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի դէմ, աշխատանք՝ որուն մէջ աղաղակող անփութութիւն կը ցուցաբերէ Հայաստանի իշխանութիւնը, աշխատանք՝ որ մօտիկ անցեալին եւ այս օրերուն կ’արձանագրէ գոհունակութիւն պատճառող յառաջխաղացքներ: Այս մօտեցումով ալ, ո՛չ ոքի ուշադրութենէն կը վրիպի, պէտք չէ՛ վրիպի, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները, իրենց այսպիսի արարքներով, ըստ էութեան լծակից են Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի, իրողապէս դարձած են անոնց կամակատարը:

Դաշնակցական անհատը, պարզ կուսակցական թէ ղեկավար մարմիններու անդամ, կը գնահատուի իր վաստակով, իր ծառայութեամբ եւ հայութեան ու հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններով: Այս մօտեցումով է որ կը դատապարտենք մեր ընկերոջ նկատմամբ ցուցաբերուած անհանդուրժողութիւնը, պահանջելով, որ Երեւանի իշխանաւորը վերջ տայ խորհրդային տարիներէն ի վեր անթեղուած եւ մերթ ընդ մերթ նման դրսեւորումներով արտայայտուող ազգակործան վարքագիծին, որ հաւասարապէս անվաղորդայն կը պահէ իր իշխանութիւնը եւ մեր հայրենիքի անկախ պետականութիւնը: 

Այս պահանջը լոկ դաշնակցականի պահանջ չէ, այլ համահայկական հրաման:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան
Արևմտեան ԱՄՆի Կեդրոնական Կոմիտէ

Յուլիս 15, 2022
Լոս Անճելըս

Share