Հայրենական Մեր Ժողովուրդը Սփիւռքի Չվերածելու, Իսկ Սփիւռքը Անհայրենիք Չթողնելու Հարց Ունինք Ներկայիս․ Տարօն Տէր Խաչատուրեան

Հայրենական Մեր Ժողովուրդը Սփիւռքի Չվերածելու, Իսկ Սփիւռքը Անհայրենիք Չթողնելու Հարց Ունինք Ներկայիս․ Տարօն Տէր Խաչատուրեան

Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀՅԴ Գանատայի կոմիտէներու կազմակերպած առցանց տօնակատարութեան ընթացքին ընկեր Տարօն Տէր Խաչատուրեանի խօսքը.

Մայիս 28-ի այս նախօրէին, ինչպէս ծանօթ է բոլորիդ, արտասովոր ու ծանր հոգեվիճակով է որ կ’ոգեկոչենք Հայաստանի Անկախութեան 103-րդ այս տարեդարձը:

Բոլորիս բացայայտ է, որ այս ուրախ օրուան տարեդարձը կ’ընդունինք «շոք»ի ցնցումով մը, երբ մեր 30-ամեայ Հայաստանի վերանկախացումը և անոր հողային ամբողջականութիւնը վտանգուած են, իսկ քիչ անդին Արցախի հողատարածքին մէկ կարեւոր մասը վերակալանաւորուած է Ազրպէյճանի կողմէ: Մեր ազգային իրավիճակէն ներս մեր հարիւրամեայ համահայկական իրերու դրուածքն է, որ խնդրոյ առարկայ է այսօր: 1915-ին մեր ունեցած անհամար կորուստներէն ետք, 1918 Մայիս 28-ով ամրագրած կը թուէինք ըլլալ մեր նոր արժեհամակարգը, գէթ բազմահազարամեայ մեր հայրենիքին մէկ փոքր, բայց իմաստալից բաժնին վրայ: Աւելին, Սփիւռքի նախաձեռնած յետ-Ցեղասպանութեան պահանջատիրական ընթացքը և Արցախեան 90-ական թուականներու պատմութեան առթած ազգային իրաւունքներու վերատիրացման ուղին որոշ չափով մեզ դրած էին դրական ելակէտի վրայ: Ահա, այս բոլորն է որ խնդրոյ առարկայ են հիմա: Այո, «շոք»ն ու հիասթափութիւնը մեծ են այսօր, և կողմնորոշուելու պակասն ու կորսուածութիւնը բազմատարած են շատերու մօտ:

Անկասկած, որ ոեւէ ողջամիտ հայու և առհասարակ լաւատեղեակ աշխարհաքաղաքացիի համար յստակ են Թուրքիոյ ցուցաբերած նոր-Օսմանական և համաթուրանական ծաւալապաշտ քաղաքականութեան առկայութիւնը երեկ ու այսօր: Աւելի՛ն, Թուրքիոյ կողքին անգամ մը եւս աշխոյժ կերպով հաւաքագրուած է Ազրպէյճանը իր ծաւալապաշտ և հայակուլ նկրտումներով: Իսկ մենք ու՞ր ենք: Ու՞ր ենք մեր ցեղասպանութեան պահանջատիրութիւնով ու անոր հատուցման գործերուն մէջ: Ու՞ր ենք Արցախի դարպասը ըլլալու մեր յանձնառութեան մէջ: Ու՞ր ենք Հայաստանի մէջ ու անոր շուրջ Հայաստանի քաղաքականութիւնն ու դիւանագիտութիւնը Հայաստանի’ն իսկ ծառայեցնելու աշխատանքին մէջ: Ու՞ր ենք 1960-ական թուականներէն ի վեր քաղաքականացած ու յեղափոխականացած, Հայ Դատի հետապնդման մէջ արեամբ ու գրտինքով ինքզինքը ամրագրած Սփիւռքը Հայաստանին արժանի ու ռազմավարական գործընկերը դարձնելու և Սփիւռքը սո’սկ անհատներու կուտակում մը չտեսնելու մօտեցման մէջ:

1918-ի Մայիս 28-ն բազմաթիւ նմանութիւններով տակաւին այժմէական դասեր կու տայ բոլորիս, յա’տկապէս՝ ի տես մեր այսօրուայ ապակողմնորոշուած իրավիճակին: 1918-ին մենք կարողացանք Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի, Բաշ- Ապարանի մէջ իրագործել անհնարինը, և կասեցնել Թուրքիոյ նոր-Օսմանական և համաթուրանական յառաջխաղացքը: Մենք հոն՝ Սարդարապատի լանջերուն, յաջողեցանք բնաջնջումի, ծայրագոյն հիասթափութիւններու ու վնասներու մոխիրներուն մէջէն վերածնիլ Փիւնիկի նման: Մենք այդ ռազմադաշտերուն վրայ, օրհասական այդ օրերուն գիտցանք ու կարողացանք մեր ազգային ինքնուրոյնութիւնը պահել, մեր ազգային արժանապատուութիւնը զրահապատել, մեր աւելի քան երկհազարամեայ հողին կարչելու կոչին արձագանգ տալ ու ճակատագրական նշանակութիւն ունեցող մետասաներորդ այդ պահուն չվհատիլ ու չընկրկիլ՝ կերտելով փառապանծ յաղթանակ:

Այսօր, 1918-ը կերտած սերունդը երեք դասեր ու յորդորներ կը հաղորդէ մեզի:

Ա.- Կա’յ հրամայականը վերականգնումի և վերազարթօնքի մը, այնպէս ինչպէս իրենք վերականգնեցան ու վերազարթնեցին: Կարծէք ազգերու պատմութիւնը արժէ դիտել ո’չ տարիներով միայն, ո’չ ալ սոսկ տասնամեակներով, այլ թէկուզ հարիւրամեակով և հարիւրամեակներով: Ուրեմն, վերջին հարիւրամեակին ունեցանք պանծալի ու բեւեռային օրեր Մայիս 1918-ով և Արցախի 1993-94-ի մաքառումներու օրինակով: Իսկ հիմա, ժամանակն է վերաթարմանալու, ուժերը լարելու և վերանորոգ հայեցակարգով ու ռազմավարութեամբ մը նորանոր ազգային բարձունքներ մագլցելու և նուաճելու: Հայութեան նոր երթը ճշտելու, և զայն իրագործելու պարտաւորեցուցիչ հրամայականը ահա մե’րն է հիմա:

Բ.-Պարոյր Սեւակի 1918-էն յիսուն տարիներ ետք բնութագրած «մենք մեզ ոչ մէկից չենք գերադասում: Մենք քիչ ենք, այո’, բայց կոչւում ենք Հայ»ը աւելիով իսկ կ’իմաստաւորուի այսօրուայ մեր ճգնաժամին մէջ: Ահա այդ տեսակը, մե’ր տեսակը’ հայու տեսակը պահպանելու, ազգը պարզ ժողովուրդի տեղ չդասելու, հայրենական մեր ժողովուրդը սփիւռքի չվերածելու, իսկ սփիւռքը անհայրենիք չթողնելու հարց ունինք ներկայիս: 1918-ի գրեթէ անկրկնելի սերունդը ըրաւ ի’ր գործը, մենք ալ մե’ր կարգին ընելու ենք մերը:

Գ.-Եւ վերջին քաղուածքն ու դասը 1918-ի Մայիսէն այն է, որ կուռ ազգային հաւատքով, շիտակ տեսլականով, և ամենակարեւորը առողջ ղեկավարութեամբ (այսինքն leadership-ով) անհնարին իսկ թուացած ազգային նպատակներն անգամ հնարին կը դառնան և կ’իրագործուին: Ահա այդ leadership-ին է, որ կը կարօտինք այսօր մեր տեսակը անվտանգ ու կանգուն պահելու և մեր ազգային լիարժէք տեղը գրաւելու աշխարհի քաղաքական ու մարդկային թատերաբեմին վրայ ու համակարգէն ներս: 1918-ի Մայիսեան սերունդը մեզի տուաւ ազգային հպարտանքի մեր նորօրեայ հիմնաքարը, և հոն դրա’ւ իր կոթողային բաժինն ու դրոշմը: Այսօր մե’ր կարգն ու հերթն է ընելու մեր բաժինը:

Սիրելիներ, Մայիսեան մեր այս օրերուն և մօտ ապագային, Յունիսի 20-ին տեղի ունենալու են Հայաստանի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները: Ինչպէս միշտ, հայ ժողովուրդի ընդհանրական շահերը իբրեւ իր գոյութեան իմաստն իսկ նկատած Հ3Դ-ն կը գտնուի պատասխանատու իր բարձր դիրքին վրայ: Այսպէս, «Հայաստան» ընտրական դաշինքի իբրեւ հիմնական բաղկացուցիչ ան ընելու է իր կարելին ու աւելին, ինչպէս միշտ, հայ ազգի ու Հայաստանի գալիք ճակատագրական ժամանակաշրջանին վրայ իր իւրայատուկ ազգային դրոշմը զետեղելու գործին մէջ: Բոլորիս ակնկալութիւնն է որ վերջին շրջանի վայրէջքն ու պարտուողական մօտեցումները վերջ գտնեն, որպէսզի Հայաստանն ու Արցախը առողջ գոյատեւեն և զարգանան ապահով ու անխորտակելի սահմաններէ ներս: Բան մը, որ ինքնին Մայիսեան սերունդի աւանդն էր փոխանցուած մեզի:

Կեցցէ’ հայու անվհատ ազգային ոգին, ու’ր ալ գտնուի ան, Սփիւռք, վիրաւոր Արցախ, թէ վտանգուած Հայաստան:

Կեցցե’ս դուն բազմադարեայ կալանքի ենթարկուած ու Մայիս 1918-ով վերածնուած Հայաստան:

horizonweekly.ca

Share