ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Դամբանականը Գրիգոր Աչըքեանի Թաղման Արարողութեան

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Դամբանականը Գրիգոր Աչըքեանի Թաղման Արարողութեան

Արտասանուած ընկեր Տարօն Տէր Խաչատուրեանի կողմէ։

Այսօր վերջին հրաժեշտը կու տանք գաղափարի մեր ընկեր Գրիգոր Աչըգեանին, որ իր ամբողջ գիտակցական կեանքը նուիրեց մեր ժողովուրդին՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ճամբով։

Գրիգոր Աչըգեանը, մեր բոլորին սիրելի Գօգոն, ծնած էր Պէյրութ, 1955ին։ Փոքր տարիքէն, ան մտաւ Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքէն ներս, դաստիարակուեցաւ անոր շունչով, սկզբունքներով եւ գաղափարականով։

Ինք անդամակցեցաւ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Երիտասարդական միութեան, անոր հիմնադրման առաջին տարին իսկ՝ 1973ին, Պուրճ Համուտի Նոր Մարաշ թաղամասի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղին։ Ինք մասնակցեցաւ նոյն Երիտասարդական միութեան առաջին պատգամաւորական ժողովին։

Նոյն տարին, երբ աւարտեց իր երկրորդական ուսումը, ստանալով Լիբանանեան Բ. Պաքալորէան, կանչուեցաւ լիբանանեան բանակ, պարտադիր զինուորական ծառայութեան։ Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին, երբ քայքայուեցաւ բանակը, Գօգոն վերադարձաւ Պուրճ Համուտ, ուր լծուեցաւ հայկական թաղամասերու պաշտպանութեան գործին՝ իբրեւ Երիտասարդական միութեան անդամ։

Նոյն քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին, 1976ի Սեպտեմբերին, հարիւրաւոր այլ ԼԵՄականներու կարգին, Գօգոն եւս տուաւ դաշնակցականի երդումը ու անցաւ Դաշնակցութեան շարքերը, ու փոխանցուեցաւ Զաւարեան Ուսանողական միութեան։

Յաջորդ տարուան Մարտին, Գօգոն մաս կազմեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Մամլոյ դիւանին, միաժամանակ լծուելով կազմակերպական աշխատանքի՝ նոյն Ուսանողական միութենէն ներս։

Այդ օրերէն իսկ, Գօգոն յատկանշուեցաւ իր գաղափարական ամրութեամբ, սկզբունքայնութեամբ ու մանաւանդ՝ արդարամտութեամբ։ Արդարամտութիւնը եւ կազմակերպական սկզբունքայնութիւնը եղան Գօգոն յատկանշող նկարագրային գիծերը ու մինչեւ վերջ մնաց ամուր՝ իր սկզբունքներուն վրայ։ Ոչ միայն ամուր մնաց, այլեւ գործեց այդ սկզբունքային կեցուածքները իրեն իբրեւ ուղեցոյց ունենալով, իր ամբողջ գիտակցական կեանքին ընթացքին։

Երբեք չհաշտուեցաւ մեր մէջ երբեմն-երբեմն դրսեւորուող ու մեր հաւաքական նկարագրին անյարիր երեւոյթներու հետ, անզիջող կերպով պայքարեցաւ ան յանուն մեր գաղափարական անաղարտութեան ու աւանդական արդարամտութեան։

Գօգոն մնաց այդպէս թէ՛ մեր ժողովներուն ընթացքին, եւ թէ՛ դաշնակցական գործին մէջ։ Ինք եղաւ մարմնացումը դաշնակցականի գաղափարապաշտութեան եւ նուիրումին։ Այս իմաստով ալ, ինք ամբողջութեամբ տէր կանգնեցաւ դաշնակցականի իր երդումին, հանդիսանալով օրինակ բոլոր անոնց, որոնք տարուելով կեանքի փորձութիւններէն, տատամսումի նշաններ ցոյց կու տային։ Այս մեծ պատկերին մէջ, Գօգոն միշտ վայելեց իր տիկնոջ՝ մեր բոլորին սիրելի ընկերուհի Վիքիին աջակցութիւնը եւ զօրակցութիւնը։

Հաճոյք էր Գօգոյին հետ ազգային, գաղափարական, կամ քաղաքական հարցերու շուրջ քննարկումներ ունենալը։ Այս քննարկումները երբեմն կը վերածուէին ընկերական բուռն վէճի։ Սակայն նոյնիսկ այս վէճերուն ընթացքին, Գօգոն միշտ կը պահէր իր զարմանալի հանդարտութիւնը եւ ընկերականութիւնը։ Իր ամէնէն անզիջող պահերուն իսկ, Գօգոն երբեք չվիրաւորեց իր խօսակիցները, միշտ մնաց յարգալիր ու պարկեշտ։ Գօգոն նաեւ պարկեշտութեան մարմնացում էր, թէ՛ գաղափարական-կազմակերպական կեանքին մէջ եւ թէ՛ իր անձնական կեանքին ու գործին մէջ։

Այսպէս Գոգոյի հետ կապուած իր յուշագրութեան մէջ, Վաչէ Բրուտեան յետեւեալին կ’ակնարկէ: «Յատկանշական էր 15 տարիներ առաջ մեր այցելութիւնը Արցախ։ Գօգոյին առաջին այցն էր ազատագրուած Արցախ ու ես դարձայ իր tour guide-ը հոն։ Ճամբայ ելանք Երեւանէն, կտրեցինք Արարատեան դաշտը, բարձրացանք Վայոց Ձորի ոլորաններէն, մտանք Սիւնիք, այցելեցինք Սիսիանի Զօրաց քարերը. Հոն իրեն բացատրութիւններ տուի այդ հնագոյն աստղադիտարանին մասին։ Գօգոն լուռ ու լռակեաց՝ ինչպէս միշտ, ամբողջութեամբ կը կլանէր իմ իւրաքանչիւր բացատրութիւնս։ Անցանք Գորիսէն ու Տեղ գիւղէն ու հասանք Արցախի Հանրապետութեան սահմանը, ուր կանգնեցանք «Ազատ Արցախը ողջունում է ձեզ» ցուցանակին մօտ։ Գօգոն լուռ, առանց բառ մը արտասանելու, երկար նայեցաւ այդ ցուցանակին, զննեց չորս կողմի լեռներն ու բլուրները։ Ոչ մէկ բառ ըսաւ, բայց կը զգայի որ փոթորիկի մէջ էր իր ներաշխարհը, սիրտն ու հոգին Արցախ աշխարհի ազատագրութեան համար նահատակուած տղոց հետ էր։ Ու այնտեղէն մինչեւ Շուշիի մեր պանդոկը, Գօգոն մնաց լուռ, միաժամանակ անդադար լսելով իմ բացատրութիւններս, որոնց մեծ մասին ինք բնականաբար շատ ծանօթ էր։ Վերադարձին, Գօգոն ու ես, առանց իրարու հետ բառերով կիսելու մեր ապրումներն ու զգացումները, աչքերով կը խօսէինք իրարու հետ։ Իրար շատ լաւ կը հասկնայինք։ Ատով հանդերձ սակայն, դժուար է բառերով նկարագրել Գօգոյին ապրումները՝ Արցախ մեր կեցութեան առիթով։

Քանի մը օր վերջ, Գօգոն ի վերջոյ բացաւ բերանը։ Նստած էինք «Անի» հիւրանոցին ընդունարանի սրահը, երբ յանկարծ յայտնուեցաւ Լիբանանի մեր ընկերներէն Խաժակը ու մեզի առաջարկեց միասնաբար երթալ Գառնի՝ մեր ընկերոջ Տիքոյին մօտ։

Գացինք. Տիգրանին տան կից այգիին մէջ, այդ հսկայ ծառին տակ, սեղան մը բացուած էր, ուր մեզի կը սպասէին ուրիշ ընկերներ եւս՝ Դաւիթ Ամալեանը, Մակիչը, Ռոմիկ Մանուկեանը, ու Ֆիլատելֆիայէն այլ ընկեր մը։ Հոն, այս ընկերական մտերմութեան մէջ ու հայրենի բնութեան գիրկը, լռակեաց, ժուժկալ, քիչ ուտող, քիչ խմող ու քիչ խօսող Գօգոն, յանկարծ բաժակը ձեռքը ոտքի ելաւ։ Յուզուած էր։ Նշեց մեր նահատակները, անոնց նուիրումը, Արցախի ազատագրումին կարեւորութիւնը ու մանաւանդ հայրենիքին տիրութիւն ընելու իւրաքանչիւր դաշնակցականի պարտաւորութիւնը։ Ապա դառնալով սեղանակիցներուն, ըսաւ. «Մենք երբ ձեզի հետ ըլլանք, կը զգանք որ կը վերանորոգուինք ձեզմով, կը վերանորոգուինք գաղափարականօրէն, դուք մեզի շունչ կու տաք, ճիշդ այնպէս ինչպէս հայրենիքի լեռները եւ Գառնիի այս ձորը մեզի ուժ կու տան»։ Ես զարմացած էի, որ այս քչախօս ու լռակեաց Գօգոն, որ նաեւ ամչկոտ էր ու ինքնամփոփ, ինչպէ՞ս այսքան պերճախօս դարձած էր մէկ անգամէն։ Հոն զգացի, որ Արցախ մեր այցելութեան ընթացքին իր մէջ կուտակուած ապրումներն էր, որ այդ ձեւով կը դրսեւորէր ան», կ’աւարտէ Բրուտեանը:

Հարազատներ, սգակիրներ, Գօգոն ոչ միայն միտքի ու գաղափարի մարդ էր, այլ նաեւ ունէր կազմակերպական ջիղ։ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի իր աշխատանքներու ծիրէն ներս, իր գործընկեր Կարօ Յովհաննէսեանին հետ, Գօգոն ոչ միայն խմբագրեց «Կայծեր» ամսաթերթը, այլեւ ծրագրեց ու կազմակերպեց թերթի իւրաքանչիւր համարը այնպէս, որ կեդրոնական առանցք մը, թեմա մը ունենար այդ թիւերէն իւրաքանչիւրը։ Ինք նաեւ մեծ դեր ունեցաւ 1980ական տարիներու համադաշնակցական երիտասարդական խորհրդաժողովներու եւ բանակումներու կազմակերպումին մէջ։ Այդ խորհրդաժողովներն ու բանակումները մեծ դեր ունեցան այդ տարիներու մեր երիտասարդութեան գաղափարական ու քաղաքական դաստիարակութեան մէջ, շնորհիւ Գօգոյի նուիրումին ու անխոնջ ծառայութեան։

Ինք նաեւ եղաւ անդամ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդր. Կոմիտէին, երկրի քաղաքացիական պատերազմի ամենաբուռն տարիներուն։ Երբեք չխուսափեցաւ պատասխանատուութենէ ու միշտ առաւելագոյն ձեւով կատարեց իրեն յանձնուած իւրաքանչիւր պարտականութիւն։

Գօգոն նոյն ձեւով գործեց նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի մեր կազմակերպութենէն ներս, ծառայելով բազմաթիւ Կեդր. Կոմիտէներու մէջ։ Մենք միասնաբար Կեդրոնական Կոմիտէին անդամակցեցանք 1994-1998, Լեւոն Տէր Պետրոսեանով յատկանշուած մեր ազգին համար այդ դժուարին օրերուն: Հո՛ս եւս, Գօգոն մեր աչքին առաջ յատկանշուեցաւ իր սկզբունքայնութեամբ ու պարկեշտութեամբ, երբ բազմաթիւ կողմերէ պայքար շղթայազերծուած էր Դաշնակցութեան դէմ։ Ոչ միայն իր կազմակերպական աշխատանքով, այլ նաեւ իր յօդուածներով, Գօգոն միշտ պաշտպանեց մեր գաղափարական եւ քաղաքական սկզբունքները՝ միշտ յանուն պատմական արդարութեան։

Հիմա, այս պահուս, երբ մենք կը պատրաստուինք հողին յանձնել մեր վաստակաւոր, հաւատաւոր ու անձնուրաց այս ընկերը, Գրիգոր Աչըգեանը, մեր բոլորին սիրելի Գօգոն, գաղափարապաշտ, Դաշնակցութեան սկզբունքերուն ամբողջութեամբ նուիրուած այս ընկերը մեզի համար միշտ պիտի հանդիսանայ օրինակելի տիպար մը։

Այս պահուն, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէին անունով, յանուն Գոգոյի պատկանած ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէութեան, և յանուն մեր բոլոր ընկերներուն ու կուսակցութեան համակիրներուն, մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք իր տիկնոջ՝ ընկերուհի Վիքիին, զաւակներուն՝ Մեղրիին ու Դրոյին և իր կողակիցին, եղբօր եւ քոյրերուն՝ Սամուէլին, Սիրարփիին ու Մակիին։

Գօգոն եղաւ Դաշնակցականի տիպարը:

Ան գերադասեց հաւաքականը անձնականին: Եւ աւելի՛ն:

Ան նախապատուեց կարգապահութիւնը անուղղայութեան: Եւ աւելի՛ն:

Ան բարձր դասեց բարոյականը անցողակի արժէքներուն: Եւ աւելի՛ն:

Ան նախընտրեց գաղափարականը փութկոտ գործնապաշտութեան: Եւ աւելի՛ն:

Ու ա՛յդ պատճառով է որ բոլորս կը խոնարհինք իր յիշատակին ու վաստակին առջեւ:

Թեթեւ գայ հողը վրադ սիրելի ընկեր Գօգօ։ Կը խոստանանք միշտ յիշել քեզ ու քու սկզբունքայնութիւնդ կանգուն պահել, «վէրքերով լի, ջան ֆիտայի»։

Share