Ընկեր Խոսրով Ասոյեան

Ընկեր Խոսրով Ասոյեան

Խոր կսկիծով կը տեղեկացնենք որ այսօր Մարտ 03, 2022-ի առաւօտեան մեզմէ առյաւէտ հեռացաւ մեր սիրելի ընկեր Խոսրով Ասոյեանը:

Ընկեր Խոսրովը տասնամեակներ շարունակ մաս կազմած է Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանի «Ռոստոմ» կոմիտէութեան, ստանձնելով բազմաթիւ պատասխանատու պաշտօններ՝ եղած է «Ռոստոմ» կոմիտէութեան հերթապահ, Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ, մասնակցած է Արցախի ազատագրական պայքարին եւ իր զոհողութիւնները ճանչցուած ու գնահատուած են Արցախի կառավարութեան կողմէ: Ընկեր Ասոյեանը հեղինակ է շարք մը յօդուածներու եւ գիրքերու:

Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ա․Մ․Ն․-ի Կեդրոնական Կոմիտէն իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ ընկեր Խոսրովի ընտանիքին եւ բոլոր հարազատներուն։

Share