Թուրքիայէն եւ Ատրպէյճանէն Հայաստանին միա՛յն վտանգ կայ, Ժիրայր Լիպարիտեա՛ն

Թուրքիայէն եւ Ատրպէյճանէն Հայաստանին միա՛յն վտանգ կայ, Ժիրայր Լիպարիտեա՛ն

Սարգիս Տաղտէվիրեան

Վերջերս Հայաստանի առաջին նախագահի քաղաքական խորհրդական Ժիրայր Լիպարիտեան կրկին
հրապարակի վրայ է եւ կատարած է շարք մը յայտարարութիւններ, իր կարծիքով
«ռազմավարական» ու իր «հիմնական մօտեցումներուն եզրակացութիւնները», բայց խորքին մէջ
թրքաբարոյ եւ հետեւաբար դաւաճանական, առանց վարանելու:

Բերեմ անոնցմէ մի քանին.

  1. Թուրքիայէն ու Ատրպէյճանէն Հայաստանին վտանգ չի տեսներ:
  2. Արցախի անկախութիւնը պահանջելով աւելին պիտի կորսնցնենք:
  3. Իրատեսութեամբ չեն մօտենար այն մարդիկ, որ իր ռազմավարութեան դէմ են:
  4. Արծուիկ Մինասեանին հարցադրումին ի պատասխան. «30 տարիէ Արծուիկը Հայաստանի
    մէջ մորթուե՞ր է»:

Տեսական հարցադրումներ բոլորիս.

  • Այս անձը գիտէ՞, թէ ի՞նչ է Համաթուրանականութիւնը ու անոր առաջնակարգ պահանջը:
  • Ունեցե՞ր է նախահայրեր, որ վեց դարերու ամէն տեսակ հալածանքէ ետք ջարդուած կամ
    տեղահանուած են 1895-ի համիտեան կոտորածներուն կա՜մ 1915-ի Հայոց
    ցեղասպանութեան ընթացքին:
  • Ժառանգորդը եղե՞ր է նախնիներու, որ ունեցուածք կորսնցուցած են Թուրքիոյ կամ
    Ատրպէյճանի մէջ:
  • Ծանօ՞թ է նախագահի խորհրդականի պաշտօնին հրաւիրուելուն իսկ ընթացքին Պաքուի եւ
    Սումկայիթի սպանդներուն:
  • Տեսա՞ծ է, թէ որոնց յարձակումներուն հակազդեցութիւն եւ դիմադրութիւն էր Արցախեան
    գոյամարտը:
  • Նկատա՞ծ է, թէ Արցախի ազատագրումը պարիսպը հանդիսացած է իր իսկ ծառայած եւ այժմ
    զօրակցած խմբակներուն ապահով կեանքին Հայաստանի հանրապետութեան մէջ:
  • Թուրքիան ու Ատրպէյճանը իր աչքը չե՞ն կոխած, թէ իր կարծած իրատեսութիւնը ի՞նչ է.
    եթէ հայրենատուութիւնն է, իրապաշտութեան հետ ո՛չ մէկ կապ ունի այդ, այլ
    դաւաճանութեան:
  • Նուազագոյն տրամաբանութիւնը չունի՞, որ Արծուիկ Մինասեանն ու միւս բոլոր
    հայրենատէրները թուրքերու կողմէ «չեն մորթուած», որովհետեւ ամէն քաղաքական,
    դիւանագիտական, պաշտպանական, տնտեսական եւ այլ միջոց ի գործ դրած են Արցախի եւ
    Հայաստանի սահմանները անձեռնմխելի պահելու համար:

Հետաքրքիր է գիտնալ թէ Լիպարիտեանը ի՞նչի վստահելով վտանգ չի տեսներ Թուրքիայէն ու
Ատրպէյճանէն: Երեւի 1990-ականներու Արցախեան գոյամարտի անոնց յամառ վճռակամութիւնը
որ ամբողջ Լեռնային Ղարաբաղը վերածեն Պաքուի, Սումկայիթի եւ Գանձակի հայաթափուած
իրավիճակին չէր բաւեր, մէկ տարի առաջուան բազմաերկիր դաշինքով պատերազմի ձեռնարկելը
եզրակացութիւն չէր տար ու ամբողջ երեսուն տարի Ատրպէյճանը իր ժողովուրդը
հայատեացութեամբ թունաւորելը իմաստ մը չունէր: Իսկ եթէ այս բոլորը հիմք կը ծառայեն իր
«իրատեսութեան ռազմավարութիւն»-ին, մեզի համար յստակ կ’ըլլայ, որ ան ուրկէ կը խմէ իր
«ջուրը»:

Բոլոր պետութիւնները իրենց անվտանգութիւնը կերտելու համար զինարշաւի մէջ են, իրենց
կարողութեան ներածին մակարդակով. նպատակը խաղաղութիւն ապահովելն է իրենց
ազգաբնակչութեան. Կը յաջողին կամ ո՛չ, այլ հարց է: Անշուշտ չեմ ուզեր խորանալ անոնց մասին
(այսինքն՝ մեծերուն), որ զէնքը կը գործածեն «իբրեւ թէ» մարդկային ազատութիւններ եւ
գաղափարաբանութիւններ տարածելու, բայց խորքին մէջ հակառակին ու իրենց
աշխարհակալութիւնը տարածելու եւ ամրապնդելու համար: Բոլոր ժողովուրդներուն անսակարկ
իրաւունքն է ապահովութիւնը, նոյնպէս հայութեանը: Սակայն Հայաստանի «գերագոյն դաւաճան»-ը
եւ իր իշխանութիւնը ակնհայտ դաւաճանութիւն(ներ) գործելով, ահռելի վնասներով պատերազմ
պարտուելով, հետագային ալ բանակի վերակազմութիւնը, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ
խաղաղութեան արգելք որակած, անտեսելով, իրողապէս քայքայած են այդ ապահովութիւնը ու
խնդրոյ առարկայ դարձուցած Հայաստանի գոյութիւնը: Այս բոլորով հանդերձ, կարգ մը անձեր,
Լիպարիտեանի նման, կ’արդարացնեն վերոյիշեալը «իրատեսութեան ռազմավարութիւն» մակդիրին
տակ:

Հոս կ’ուզեմ մէջբերել հատուած մը դաշնակցական մտաւորական եւ առաջնորդ Հրայր Մարուխեանի
Հայաստանի վերանկախացումին օրերուն տուած մէկ ճառէն. «Հայաստանը որքան ալ որ բոլոր
պետութիւնների կողմէ ճանչցուած ըլլայ, այնքան ժամանակ որ իր ժողովուրդի եւ իր սահմանների
պաշտպանութիւնը ինքը իբրեւ պետութիւն եւ ժողովուրդ չկարենայ ստանձնել, այդքան ժամանակ
այդ անկախութեան մասին խօսելը աւելորդ է:»

Բնաւ կարեւոր չէ ՄԱԿ-ի մէջ աթոռ ունենալը, Եւրոպական խորհրդարանի անդամ ըլլալը, անոնց
ապաւինիլը. երկիրներ ջնջուած են կամ կոտորակուած հակառակ անոնց անդամ ըլլալուն: Այլ
երկիրներ, վերջին տարիներուն, համատարած քանդումի ենթարկուած են նոյն այդ
Համաթուրանականութեան ի խնդիր: Կարգը մերը կրնայ ըլլալ եթէ ճշգրիտ դաշնակիցները
չհետաքրքրենք մեր պահանջներով: Թուրքիան ու Ատրպէյճանը Համաթուրանականութիւնը
ժամանակավրէպ չեն նկատեր. իրենց համար աշխարհաքաղաքական նոր դասաւորումներու
պատճառով վերստին ժամանակակից եւ գործադրելի է ան: Պատմութեան օրինակներուն վերադարձի
կոչ չեմ ուղեր փաստելու, այլ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն մերօրեայ յայտերն ու
Հայաստանին ուղղուած սպառնալիքները կը բաւեն Լիպարիտեանին ու իր օտար
պատուիրատուներուն «ռազմավարութիւն»-ը ջրելու… եւ մեր անկախութիւնը կործանելու:

Իսկ տնտեսական ներդրումները եւ բարգաւաճումը, որ «իբրեւ թէ» պիտի գան նոյն
ցեղասպաններուն կողմէ, պարզապէս ամէնէն պարտուած եւ ազգայնօրէն պարպուած
հաւաքականութեան մը խաբկանքն են «գերագոյն դաւաճան»-ին ու Լիպարիտեանին միջոցաւ
մատակարարուած:

Շատ դիւրին է արծաթը նախընտրել եւ աշխարհակալի մը շուքին կանգնելով, անոր դաշնակիցին
քաղաքական եղանակը նուագել ու քարոզ հնչեցնել պատնէշի վրայ կանգնողներուն, Արցախին ու
Հայաստանին սպառնացող վտանգը չեղարկելով:

Վտանգը առկայ է եւ չէզոքացուելու ենթակայ. ազգայնական եւ անկախ ուժերը միայն կրնան այդ
իրագործել:

Share