ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի պատուիրակութիւն մը երէկ այցելեց Լիբանանի հայկական աւան Այնճար: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուգիչ՝ Տարօն Տէր Խաչատուրեան, եւ անդամներ` Զոհրապ Քահուէճեան եւ Ստեփան Պօյաճեան: Այցելութեան նաեւ մաս կը կազմեր Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Կայծակ Զէյթլեանը:
Որպէս ՀՅԴ Այնճարի «Կարմիր Լեռ»Կոմիտէի հիւրեր, պատուիրակութիւնը նախ այցելեց քաղաքապետարան ուր հանդիպեցաւ քաղաքապետ՝ ընկեր Վարդգէս Խօշեանի հետ ուր մօտէն ծանօթացան աւանի զարգացման ծրագիրներուն: Ապա համդիպում ունեցան «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին հետ ուր քննարկուեցան կազմկերպական ու տեղական հարցեր: Պատուիրակութիւնը նաեւ այցելեց գաղութային այլ հաստատութիւններ ծանօթանալով անոնց ծրագիրներուն ու մարտահրաւէրներուն: Ապա տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, որտեղ եւս մանրամասնօրէն արծարծուեցան աւանի հարցերը ջերմ միջավայրի մէջ:
![](https://www.arfwest.org/wp-content/uploads/2021/12/ARFWUSACC-AnjarGomideh.jpg)
![](https://www.arfwest.org/wp-content/uploads/2021/12/ARFWUSACC-AnjarChurch.jpg)
![](https://www.arfwest.org/wp-content/uploads/2021/12/ARFWUSACC-AnjarReception.jpg)