Հ.Յ.Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի Յայտարարութիւն

Հ.Յ.Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի Յայտարարութիւն

Read in English

Սիրելի հայրենակիցներ,

Տարի մը առաջ, 9 Նոյեմբեր 2020ին, ՀՀ վարչապետին կողմէ Մոսկուայի մէջ ստորագրուեցաւ մեր բոլորին շատ ծանօթ պարտուողական-յանձնուողական յայտարարութիւն մը։

Այս առթիւ կը խոնարհինք 44-օրեայ պատերազմին ինկած մեր բազմահազար զոհերու յիշատակին առջեւ։ Յարգանք ու պատիւ կը մատուցենք մեր բոլոր հաշմանդամներուն, վիրաւորներուն եւ անհետ կորածներուն սխրագործութեանց ու միաժամանակ կը վերահաստատենք ՀՀ իշխանութիւններէն մեր պահանջը՝ ճիգ չխնայել վերադարձնելու անօրինաբար պատանդ պահուած մեր ռազմագերիները:

Անցնող տարուան Նոյեմբերի 9ին Հայաստանի ՔՊական իշխանութեան առած դատապարտելի ու դաւաճանական քայլը մեր նորագոյն պատմութեան ամենածանր աղէտը կարելի է համարել նաե՛ւ անոր համար, որ մեր թշնամի Ատրպէյճանը չյարգեց հոն տեղ գտած կարգ մը տրամադրութիւնները նոյնիսկ, պաշտօնական Երեւանի անբացատրելի եւ նոյնքան դաւաճանական վերաբերումին իբրեւ հետեւանք։ ՀՀ այս ապիկար իշխանութեան ազգավնաս վարքագիծը շարունակուեցաւ նաե՛ւ Սիւնիքի մէջ, զայն դնելով երկրէն կտրուելու լուրջ սպառնալիքին դիմաց։

Այսօր, մենք ոչ միայն կորսնցուցած ենք մեր հայրենիքէն 10,000 քառ. քիլոմեթր տարածք, այլեւ ազգովին կը գտնուինք մեր պետականութիւնն իսկ կորսնցնելու լուրջ վտանգին դիմաց։

Այս վտանգը կարելի է չէզոքացնել միայն համախումբ դիմադրութեա՛մբ։ Համաժողովրդային դիմադրութեամբ է միայն, որ կրնանք փրկել մեր պետականութիւնը այս վտանգէն, որ կու գայ թէ՛ մեր երկրի ՔՊական ապազգային իշխանութենէն եւ թէ՛ արտաքին ուժերէն, առաջին հերթին՝ մեր թշնամի երկիրներ Թուրքիայէն եւ Ատրպէյճանէն։

Կոչ կ՚ուղղենք Արեւմտեան Ամերիկայի հայութեան, որ անդրադառնայ այս ծանրագոյն վտանգին, համախմբուի մեր պետականութիւնը փրկելու օրակարգին շուրջ, ու մասնակցի այդ ուղղութեամբ հոս թէ Հայաստանի մէջ կայանալիք նախաձեռնութիւններուն, մինչեւ որ կարելի ըլլայ մեր հայրենիքը ապահովագրել այս ու գալիք նմանատիպ վտանգներէ։

Հ.Յ.Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի
Կեդրոնական Կոմիտէ
8 Նոյեմբեր 2021
Լոս Անճելըս

Share