«Վերելք Սիւնիք» ձեռներէցութեան ծրագրի Պիզնես Ճամբարի աւարտական հանդիսութիւնը

«Վերելք Սիւնիք» ձեռներէցութեան ծրագրի Պիզնես Ճամբարի աւարտական հանդիսութիւնը

Կիրակի, 16 Յունուարին տեղի ունեցաւ «Վերելք Սիւնիք» ձեռներէցութեան ծրագրի Պիզնես Ճամբարի աւարտական հանդիսութիւնը: Չորսօրեայ ճամբարին մասնակցեցան 12 երիտասարդներ, ներկայացնելով 9 ձեռներէցութեան գաղափարներ: Խտացուած աշխատանոցներէ եւ պատրաստութենէ ետք, երիտասարդները ներկայացուցին իրենց գաղափարները ժիւրիի կազմին, եւ պատասխանեցին տրուած հարցումներուն:

Ժիւրին լսելէ ետք մասնակիցներուն կայացուց իր որոշումը նկատի առնելով հանրային պատասխանատուութեան հանգամանքը, Պիզնես գաղափարի տոկունութիւնն ու շարունակելիութեան կարողութիւնը, եկամուտ ծախս յարաբերակցութիւնը, շուկայի պահանջարկը, ֆինանսական կանխատեսումները եւ մրցակցային միջավայրը:

Ա. մրցանակը ստացաւ Վիկտոր Խաչատրեան, ստանալով 3 000 000 Դրամ նախնական ֆինանսական յատկացում, որ պիտի հիմնէ մարզասրահ Կապան քաղաքի մէջ, մատուցելով յատուկ դասընթացներ կիներու ինչպէս նաեւ ՀՀ ԶՈւ ծառայած երիտասարդներու համար:

Բ. մրցանակը ստացաւ Շանթ Թումանեան, ստաանալով 2 000 000 Դրամ նախնական ֆինանսական յատկացում, որ պիտի հիմնէ դեղատուն Քաջարան քաղաքի մէջ, մօտակայ գիւղերուն առաքման ծառայութեամբ:

Գ. մրցանակը ստացան Գաբրիէլ եւ Անի Բեգլարեան, ստանալով 1 800 000 Դրամ նախնական ֆինանսական յատկացում, որոնք պիտի հիմնեն Գաբրիէլ Ճիկ մշակութային հանգստեան տուն Կապան-Քաջարան քաղաքները սպասարկող:

Իսկ մէկ այլ ծրագիր՝ «Սօ Ֆան» քաֆէ, որ կը նախատեսէր հիմնել երիտասարդներու համար ժամանցի կեդրոն Կապան քաղաքի մէջ, ժիւրիի որոշմամբ կարգ մը փոփոխութիւններ իրականացնելէ ետք հնարաւորութիւն ունի ստանալ որոշակի աջակցութիւն նկատի առնելով ծրագրի սոցիալական իմաստն ու կարեւորութիւնը Կապանի Երիտասարդական կեանքին համար:

Յիշեցնենք որ «Վերելք Սիւնիք»-ը հիմնուած է «Վերելք Արցախ» նախափորձին վրայ, Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակի կողմէ համագործակցաբար Revolve խորհրդատուական կազմակերպութեան հետ, եւ հիմնական նպատակ ունի պատերազմի հետեւանքներէն արտագաղթի հսոքերուն դէմ առնել եւ երիտասարներուն օժանդակել սեփական աշխատանքով ծառայելու տեղակական համայնքներու զարգացման: Ներկայիս Վերելք Արցախը եւ Սիւնիքը յաղթած 9 ծրագիրներ արդէն ընթացքի մէջ են:

Share